2015-01-26 10:02:10

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը Երուսաղէմի մէջ` 24-Յունուարէն մէկ Փետրուար` ''Ջուր տուր ինծի որ խմեմ''։


Ս. Երկրի մէջ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը, փոխանակ 18-25 Յունուարին կատարուելու, տեղի կ’ունենայ` 24-Յունուարէն մէկ Փետրուար, քանի 19 Յունուարէն սկսեալ սկիզբ կ’առնեն Հայ Եկեղեցւոյ Յիսուսի ս. Ծննդեան տօնախմբութիւնները։
Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուայ նիւթը նոյնն է. ‘’Ջուր տուր ինծի որ խմեմ’’։ Երուսաղէմի Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը սկիզբ կ’առնէ յոյն օրթոտոքսներու Հանգստեան ժամասացութեամբ Երուսաղէմի ս. Յարութեան տաճարին մէջ։ Իսկ անոր յաջորդող օրերուն միութեան աղօթքները կը կատարուին յաջորդաբար. Անկլիգաններու ս. Գէորգ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Յակոբ Հայոց վանքի եկեղեցւոյ մէջ, Լատիններու Գեթսէմանիի պազիլիքային մէջ, ասորի օրթոտոքսներու վերնատան մատրան մէջ, Եթովպացիի օրթոտոքսներու Ս. Մարկոս եկեղեցւոյ մէջ։ Հուսկ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուան վերջին օրը` մէկ Փետրուարի երեկոյեան ժամը 5-ին, աղօթքները կ’ եզրափակուին Յոյն կաթողիկէներու Աւետման եկեղեցւոյ մէջ։
Իսկ Իտալիոյ մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցող Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը եզրափակուեցաւ 25 յունուարի երեկոյեան` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Սուրբ Պօղոս Պազիլիքայի մէջ նախագահած ժամասացութեան արարողութեամբ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Արհ. Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան։ Մինչ Վենետիկի մէջ քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը եզրափակուեցաւ` խաղաղութեան ի խնդիր համամիութենական քայլարշաւով զոր գլխաւորեց Վենետիկի թեմի պատրիարք - եպիսկոպոսապետ` ֆրանչեսքօ Մորալիան։
Աղօթքի ու խորհրդածութեան պահէ մը ետք քայլաշաւը մեկնեցաւ ս. Ծանտեկոլա եկեղեցիէն, որ կը հիւրընկալէ ռուս օրթոտոքսները եւ ուղղուեցաւ դէպի քաղաքի պատմական կեդրոնը վերջ գտնելով ‘’Պահապան Հրեշտակի Դպրոցի’’ մէջ որ կը հիւրընկալէ Վենետիկի լիւտերական համայնքը, որ Գերմանիայէն դուրս, ամենահին համայնքը նկատուած է։







All the contents on this site are copyrighted ©.